image

Բարի լուր Գերմանիայէն

Բարի լուր Գերմանիայէն

Գերմանիոյ հայկական համայնքի աշխոյժ անդամներ Տէր եւ Տիկին   Այգուն եւ Աննա  Քացախեաններ բախտաւորուած են առջինեկ աղջիկ զաւակով մը ՝ Արփի-Երազ։

Արմատներով պոլսեցի  Այգուն Քացախեան վերջին տարիներուն հաստատուած է Գերմանիոյ մէջ եւ կը գործէ, որպէս հմուտ ճարտարապետ։ 

Ազգային կեանքի եւ յատկապէս գերմանահայ համայնքի զարգացումներուն մօտէն հետեւող Այգուն, կազմած է հաշունչ բոյն մը եւ այսօր արդէն նոր թափով, որպէս ընտանիքի հայր պիտի շարունակէ իր փայլուն երթը։

Յաջողութիւն կը մաղթենք «Արեւելք»ի մեր բարեկամին, իսկ փոքրիկն Արփի-Երազին  անամպ երկինք եւ բախտաւոր օրեր։