image

Բարի լուր Գամիշլիէն. Ծնած է Արցախ Յակոբ Պարսումեանը

Բարի լուր Գամիշլիէն. Ծնած է Արցախ Յակոբ Պարսումեանը

 Բարի լուր մը ստացանք Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքէն։

 

 Այսօր լոյս աշխարհ եկած է Արցախ Պարսումեանը։Արցախ աւելիով կ՚իմաստաւորէ եւ կը գեղեցկացնէ Գամիշլի համայնքային գործիչներէն Յակոբ Պարսումեանի եւ  Ռիմա Շըրիքճեանի   ընտանիքը, որուն միւս երկու անդամներն են՝ Ներսիկն ու Հերմիկը։

 Մասնաւորապէս այս օրերուն  մեր վիրաւոր ազգին համար զաւակներ ծնող հայ ընտանիքները արդէն արժանի են սիրոյ եւ յարգանքի, իսկ այս պարագային, երբ անոնք իրենց զաւկին, եւ եղբօր անունը Արցախ կը կոչեն, ապա վաստակուած յարգանքին կողքին անոնք օրինակ են աշխարհով մէկ սփռուած մեր ժողովորդին։

 

 Անուններ կան, որոնք անունէ աւելի պատգամ են, խօսք ու գաղափար եւ ապաւինող ենք, որ Արցախ Պարսումեանը ամէնայն արժանաւորութեամբ պիտի արդարացնէ իր անուան իմաստն ու իր ծնողներուն նուիրական մօտեցումը։