image

Բագրատ Սրբազանն ու համակիրները ՄԻՊ-ի գրասենակին ուղղութեամբ . Մանասեան մերժած է ընդունիլ Սրբազանը լրագրողներու ներկայութեամբ

Բագրատ Սրբազանն ու համակիրները ՄԻՊ-ի գրասենակին ուղղութեամբ . Մանասեան մերժած է ընդունիլ Սրբազանը լրագրողներու ներկայութեամբ

«Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ղեկավար Բագրատ սրբազանն այսօր՝ յունիս 4-ին, աջակիցներու հետ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի դիմաց էր։

Ինչպէս նախորդ օրերուն, այս անգամ եւս «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման ներկայացուցիչները նախ հաւաքուած էին Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակ, ուրկէ ալ մեկնարկած էր երթը՝ Երեւանի կեդրոնին մէջ։ 

Բագրատ սրբազանը այս անգամ եւս նախօրօք չէր յայտնած երթի վերջնակէտը։

«Մենք կ՚այցելենք մի շատ կարեւոր վայր, կը շարժուենք Սայաթ-Նովա փողոցով, այնուհետեւ Մաշտոցի պողոտայով։ Վստահ եմ, որ բոլորը գիտեն, թէ ուր ենք գնում։ Ճանապարհը երկար չէ», -ըսած է Գալստանեանը։

Ան նշած է, որ պէտք է հաշուետւութիւն պահանջել, եւ այսօր իրենք այդ պիտի ընեն։

Որոշ ժամանակ անց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի շարժման» առաջնորդ Բագրատ սրբազանը, շարժման մասնակիցներու հետ, երթով հասած է ՄԻՊ գրասենեակի շէնքի մօտ։

Սրբազանը յայտարարած է, որ իրենք այցելած են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակ, որ իրենց հարցումներուն պատասխան տան ու նաեւ ըսեն՝ այս ողջ ընթացքին ՄԻՊ-ը ծառայած է մարդու իրաւունքներո՞ւն, թէ՞ այլոց։

«Կիրանցում մարդկանց սեփականութեան իրաւունքները ձեռքներից խլելը մարդու իրաւունքների խախտո՞ւմ է, թէ՞ ոչ։ Վեհափառ հայրապետի մուտքը Սարդարապատ արգելելը խախտո՞ւմ է, թէ՞ ոչ»,- յայտարարած է Բագրատ սրբազանը։

«Իմացանք, որ ՄԻՊ խօսնակը գալիս է հանդիպման։ Հիմա տեսէք տարբերութիւնը. բոլոր գերատեսչութիւնների դիմաց ոստիկանական ահռելի շարքեր էին, ՄԻՊ-ի դիմաց չկան։ Կա՛մ Մարդու իրաւունքների պաշտպանն իրենց աչքում կարեւորութիւն չունի, կա՛մ ուզում են ցոյց տալ, որ ՄԻՊ-ը իրօք ծառայում է մարդկանց»,–ըսած է Բագրատ սրբազանը։

 

Մանասեան կը մերժէ հանդիպիլ

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը պատրաստ է ընդունելու Բագրատ սրբազանը, սակայն ոչ լրագրողներու ներկայութեամբ, բողոքի ցոյցի մասնակիցներուն ըսած է ՄԻՊ մամուլի խօսնակ Արթուր Ասլանեանը։

Ասլանեան յայտարարած է, որ Մանասեանը պատրաստ է Բագրատ սրբազանը եւ մինչեւ 4 անձ ընդունելու, լսելու անոնց եւ տալու յուզող հարցերու պատասխանը, բայց առանց լրագրողներու։

Բագրատ սրբազանն ալ իր հերթին նշած է, որ առնուազն 3 լրատուամիջոց պէտք է ներկայ ըլլայ հանդիպման, որպէսզի ամէն ինչ թափանցիկ ըլլայ, հակառակ պարագային հանդիպումը չի կայանար։

 

Սրբազանի պատասխանը

ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը հրաժարած է լրագրողներու ներկայութեամբ ընդունիլ Բագրատ սրբազանը, սակայն յայտնած է, որ իր առաջարկը կը մնայ ուժի մէջ եւ ինքը պատրաստ է առանց լրագրողներու ընդունելու անոր եւ եւս 4 անձ։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՄԻՊ մամուլի խօսնակ Արթուր Ասլանեանը։

«Իմ փորձառութիւնը, դժբախտաբար, ցոյց է տուել, որ այն ինչ չի տեսաձայնագրւում, տարընկալումների տեղիք է տալիս, յետոյ մարդիկ սկսում են ասել, ես սա ասեցի, դու այն ասեցիր։ ՄԻՊ–ը բաց, թափանցիկ հաստատութիւն է, ինչումն է խնդիրը, որ լրագրողներ չպէտք է լինեն։ Մենք դեռ չենք ասում, որ Մանասեանն արդէն այստեղ պէտք է ներքեւում լինէր, իր պաշտպանած քաղաքացիների իձայնը լսելու համար»,–ըսած է Բագրատ սրբազանը։

Ան ընդգծած է, որ միտք չունին Մանասեանը համոզելու, եւ անոր ներքեւ չիջնելը կամ լրագրողներուն չընդունիլը կ՚ընդունին որպես դիրքորոշում։

Մի քանի ժամ սպասելէ ետք ցուցարարները ՄԻՊ գրասենեակի դիմացէն երթով գացած են Սուրբ Աննա եկեղեցւոյ բակ՝ «արձանագրելով մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի չգոյութիւնը»։