image
Հրատապ լուրեր:

Այժմ նպատակներու հասնելու ժամանակն է. Ռիաբքով

Այժմ  նպատակներու  հասնելու  ժամանակն է. Ռիաբքով

Անվտանգութեան երաշխիքներու վերաբերեալ Ռուսաստանի կողմէ ՆԱԹՕ-ին ու ԱՄՆ-ին ուղարկուած առաջարկները կորսնցուցած են ուժը, քանի որ իրավիճակը ամբողջութեամբ փոխուած է: ԹԱՍՍ գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳ փոխնախարար՝ Սերկէյ Ռիաբքով՝ ռուսական Առաջին ալիքի եթերով։

«Այժմ արմատապէս այլ իրավիճակ է, հարց դրուած է՝ հասնիլ այն նպատակադրումներուն, որոնք մեր երկրի ղեկավարութիւնը դրած է»,- յայտարարած է Ռիաբքով։

Դիւանագէտի խօսքով՝ Ռուսաստանը լուրջ ջանքեր ներդրած է, որպէսզի եւրոպական անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը չխարխլի, ինչ որ, սակայն, իր բնորոշմամբ՝ տեղի ունեցած է՝ ուքրանական իշխանութիւններու վարած անպատասխանատու քաղաքականութեան պատճառով, որ կը համակարգուի Արեւմուտքի կողմէ։

«Ինչ կը վերաբերի եւրոպական անվտանգութեան ապագայ ճարտարապետութեան, ինչպէս նաեւ հետագային սպառազինութիւններու վերահսկման, այդ կախեալ է, թէ որքանով անոր պատրաստ կ'ըլլան մեր հակառակորդները ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ»,- ըսած է Ռիաբքով՝ աւելցնելով, որ ՌԴ պատրաստ է վերսկսիլ երկխօսութիւնը, եթէ անոր պատրաստ է նաեւ ԱՄՆ։