image

Այսօր Վարդավառ է` Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը

Այսօր Վարդավառ է` Յիսուս Քրիստոսի պայծառակերպութեան տօնը

Հայ Առաքելական եկեղեցին այսօր՝ 24 յուլիսին, կը նշէ Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան տօնը։ Վարդավառը Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն է։ Այն շարժական տօն է եւ կը նշուի Զատկէն 98 օր ետք:

Տօնը, սակայն, բնապաշտական ժամանակներէն է եւ հայերու ամենասիրելի տօնը եղած է: Մարդիկ Վարդավառին ուխտի գացած են սարերը, ուր գետերու, աղբիւրներու ակունքներն են: Ջուրի ակունքներու մօտ Վարդավառի տօնախմբութիւններն կատարուած են, զոհաբերութիւն եղած, խաղեր ու խրախճանք կազմակերպուած:

Վարդավառը ջուրի տօն է, եւ այդ օրը բոլորը խրախճանքէն, երգ ու պարէն բացի, նաեւ կը ջրեն իրար: Եկեղեցին  սա կը բացատրէ անով, որ երբ Նոյն Արարատէն իջած է Նախիջեւան, որպէսզի իր ժառանգներու մէջ անմահ պահէ ջրհեղեղի մասին յիշատակը, կարգադրած է, որ ամէն տարի այս օրը ջրեն իրար:

Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս նշեցինք, Հայ Առաքելական եկեղեցին 24 յուլիսին կը նշէ Տէր Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը: 

«Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս, համաձայն Աւետարանի, Ս. Պետրոս, Ս. Յակոբոս եւ Ս. Յովհաննէս առաքեալներու հետ կը բարձրանայ Թաբոր լեռը`աղօթելու: Աղօթքի պահուն Յիսուս անոնց առաջեւ կը պայծառակերպուի։

Ս. Յովհան Ոսկեբերանը երեք բացատրութիւն կու տայ, թէ ինչու Տիրոջ յայտնուեցան Ս. Մովսէս եւ Ս. Եղիա մարգարեները. երկուքն ալ ունեցած են Աստուծոյ տեսիլքը՝ Մովսէսը` Սինա , իսկ Եղիան` Քորէպ լեռան վրայ: Անոնք խորհրդաբար կը ներկայացնէին կեանքը եւ մահը: Մովսէսը մահացաւ` առանց տեսնելու խոստացուած երկիրը, իսկ Եղիան կենդանի կերպով երկինք վերացաւ հրեղէն կառքով:

Ըստ qahana.am-ի՝ Յիսուսի պայծառակերպութեան ժամանակ Մովսէսի` նախանձայոյզ օրէնսդրի ու Եղիայի` երկինք տեղափոխուած նախանձախնդիր օրինապահի յայտնուիլը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս է Օրէնսդիրը եւ չի դրժեր Աստուծոյ Ուխտը: Ան է Տէրը երկրի եւ երկինքի, ողջերու ու մեռեալներու, քանզի Մովսէսին մեռելներու մէջէն վեր հանեց, իսկ Եղիային`ողջերուն:

Ս. Գրիգոր Տաթեւացին տօնի «Վարդավառ» անունը կը բացատրէ Յիսուսին վարդի հետ համեմատելով. ինչպէս վարդը մինչեւ բացուիլը թաքնուած է իր պատեանի մէջ եւ բացուելով` կ'երեւայ բոլորին, այնպէս ալ Յիսուս մինչեւ այլակերպութիւնը Իր մէջ կը կրէր աստուածային էութիւնը եւ պայծառակերպուելով` յայտնեց իր Աստուածութիւնը:

Վարդավառի տօնին կը նախորդէ շաբաթապահք: Իսկ յաջորդ օրը, ինչպէս տաղաւար բոլոր տօներէն ետք, Մեռելոց է. բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ննջեցեալներու հոգիներուն համար կը մատուցուի Ս. Պատարագ եւ կը կատարուի հոգեհանգիստ: