image

«Այսօր մեր սրբազան կռուին մէջ, դարձեալ մինակ ենք...»Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

«Այսօր մեր սրբազան կռուին մէջ, դարձեալ մինակ ենք...»Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան

 Ամերիկահայ  քաղաքական գործիչ  Դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան  կը գրէ ՝

 

 

 

...Այսօր մեր դասական թշնամիները որոշած են մեր տկարութեան պահը առաւելագոյնս օգտագործել իրենց նպատակներու ամբողջական իրագործումին համար։ Այստեղ որեւէ անակնկալ պէտք չէ որ ըլլայ մեզի համար։ Մեր սրբազան կռուին մէջ մենք մինակ ենք, ու հոս չկան ռազմավարական դաշնակիցներ։ Ուստի, մինչեւ նոր ռազմավարութեան մը կամ նոր դասաւորումի մը յստակացումը, մեզի կը մնայ միատեղ ջանքերով պահպանել ու զօրացնել հայկական ճակատը, ու պատրաստուիլ ամէն տեսակի հաւանականութեան։

Անգամ մը եւս Նոր Տարի, անգամ մը եւս յետ ու առաջ նայելու, խոկալու, վճռելու առիթ։

Առանց երկար մտորումներու՝ Հայրենիքիս եւ Ազգիս կը մաղթեմ խաղաղութիւն, անկախութիւն եւ ազատ ու բարօր պայմաններու մէջ ապրելու կարելիութիւններ։

Մեր ազգի զինուորագրեալներուն, անոնք ըլլան սահմանագծի վրայ թէ թիկունքի՝ կը մաղթեմ խիզախութիւն, անվտանգ եւ բարեյաջող ծառայութիւն։

Կը մաղթեմ որ բոլոր հայ ազգի զաւակները - կղերական թէ աշխարհական առաջնորդ, վերլուծաբան, ղեկավար թէ ընկերային ցանցերու վրայ ինքնահաստատուիլ փորձող հայորդի - հասկնան թէ առանց ազգային համախմբումի, առանց անհեթեթութիւններն ու մանր ճաշակները մէկ կողմ դնելով միաւորուելու՝ թշնամիին դէմ յաղթանակելը դժուար պիտի ըլլայ։ Թշնամին, հայու թշնամին է, ան չի զանազաներ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ։ Հետեւաբար ամենօրեայ ճիգը պէտք է ըլլայ որոնել ու գտնել մեզ բոլորս միացնող տարածքները, եւ ոչ թէ զարգացնել մեր մէջ գոյութիւն ունեցող բաժանարար գիծերը։

Կը մաղթեմ որ գալիք տարուան ընթացքին, մեր ազգային-հաւաքական կեանքին մէջ վերջ գտնեն պոռոտախօսութիւնը, գոռոզութիւնը, լուտանքները, յոգնեցնող ժամկէտներն ու ապուշ սպառնալիքները, ատելութիւնն ու իրատեսութեան գողին տակ դատարկ գուշակութիւնները, եւ որ իւրաքանչիւր հայ - իր չափով ու կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ - լծուի պայծառատեսութեամբ, պարտաճանաչութեամբ, զուսպ եւ ժուժկալ ոճով նպաստելու հայրենիքի եւ ազգի հզօրացման գործին։ Երբ այսօրուան նման գործի եւ գործելու պահն է՝ խօսքը պէտք է որ լռէ։

Այսօր մեր դասական թշնամիները որոշած են մեր տկարութեան պահը առաւելագոյնս օգտագործել իրենց նպատակներու ամբողջական իրագործումին համար։ Այստեղ որեւէ անակնկալ պէտք չէ որ ըլլայ մեզի համար։ Մեր սրբազան կռուին մէջ մենք մինակ ենք, ու հոս չկան ռազմավարական դաշնակիցներ։ Ուստի, մինչեւ նոր ռազմավարութեան մը կամ նոր դասաւորումի մը յստակացումը, մեզի կը մնայ միատեղ ջանքերով պահպանել ու զօրացնել հայկական ճակատը, ու պատրաստուիլ ամէն տեսակի հաւանականութեան։

Վստահ եմ որ Հայ ազգին եւ Հայաստանի համար աւելի լաւն ու ու աւելի պայծառը հասանելի են՝ կը մնայ որ հաւատանք այդ տեսլականին, ու պայքարինք անոր համար։

Վերջապէս, ձեր բոլորին եւ ձեր սիրելիներուն կը մաղթեմ առողջութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ։