image

Այսօր մեր եկեղեցին կը նշէ Բուն Բարեկենդանի տօնը

Այսօր մեր եկեղեցին  կը նշէ Բուն Բարեկենդանի տօնը

Այսօր՝ 2 մարտին, Հայ առաքելական եկեղեցին կը նշէ Բուն բարեկենդանը. կ'ազդարարուի մեծ պահքի մեկնարկը:

Մեծ պահքը կը նախորդէ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնը եւ կը տեւէ 48 օր։ Բուն բարեկենդանին մատուցուող Ս. Պատարագին կը փակուին խորանին վարագոյրները եւ ամբողջ պահքի ընթացքին փակ կը մնան, հաղորդութիւն չի տրուիր՝ բացառութեամբ քանի մը տօնական օրերու: