image

Այնթապի մէջ. Ֆիլմի ցուցադրութիւն նուիրուած իսլամաց(ու)ած հայերու

Այնթապի մէջ. Ֆիլմի ցուցադրութիւն նուիրուած իսլամաց(ու)ած հայերու

Այնթապի մէջ կազմակերպուած կարճ ֆիլմերու փառատօնի ծիրին մէջ, ցուցադրուեցաւ նաեւ Նակեհան Ուսքանի «Քաղցր Տուն Ատանա» (Sweet Home Adana) վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հիմնական նիւթը իսլամացուած հայութիւնն է։

Լուրը կը հաղորդէ Akunq.net՝ հիմնուելով Artigercek լրասփիւռի տեղեկութիւններուն վրայ։

Ըստ աղբիւրին՝ «Նար» արուեստի միութեան եւ «Տերսիմի Նոր Օր»ին համագործակցութեամբ, արդէն երրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուած փառատօնին առաջին անգամ ցուցադրուեցաւ «Քաղցր Տուն Ատանա»ն։

Ֆիլմին ցուցադրութենէն ետք, բեմադրիչը պատասխանեց հանդիսատեսներու հարցումներուն եւ տեղեկութիւններ տուաւ ժապաւէնին նկարահանման աշխատանքներուն մասին։ «27 տարեկան էի, երբ իմացայ, որ մօրս մեծ մայրը հայ է։ Իրականութեան մէջ, երբ առաջին անգամ Ատանա գացի, այսպիսի վաւերագրական ֆիլմ մը պատրաստելու միտք չունէի։ Յատուկ հետաքրքրութիւն չունէի իմ անձնական պատմութիւնը ներկայացնելու, որովհետեւ անիկա բարդ բան մըն էր։ Հայկական Հարցը ինծի համար միշտ քաղաքական կողմ ունեցած է։ Այս ժապաւէնին մէջ ալ իմ արեան կապը առաջին տեղը չի գրաւեր, եւ այդ պատմութիւնը գեղեցիկ ալ չէ։ Այսպիսի պատմութիւններ շատ կան։ Կ՛ըսեն, թէ Թուրքիոյ մէջ այդպէս՝ 4 միլիոն իսլամացուած հայեր կ՛ապրին ։ Այս ոչ միայն իմ, այլ՝ միլիոնաւոր մարդոց պատմութիւնն է», պատմեց Ուսքան։