image

Ատրպէյճանը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վտանգաւոր գօտիներէն բնակչութեան տարհանման համար մարդասիրական միջանցքներու ստեղծման մասին

Ատրպէյճանը յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի վտանգաւոր գօտիներէն բնակչութեան տարհանման համար մարդասիրական միջանցքներու ստեղծման մասին

Ատրպէյճանի ՊՆ-ն յայտարարած է, որ վտանգաւոր գօտիէն խաղաղ բնակչութեան տարհանումը ապահովելու համար Լաչինի միջանցքով եւ այլ ուղղութիւններով ստեղծուած են մարդասիրական միջանցքներ եւ ընդունման կէտեր։

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերու հակաահաբեկչական գործողութիւնը կը շարունակուի։ Ճշգրիտ զէնքի կիրառմամբ գործողութիւններու շրջածիրէն ներս կ'ոչնչացուին միայն օրինական ռազմական թիրախները եւ ռազմական ենթակառուցուածքը:

Վտանգաւոր գօտիէն խաղաղ բնակչութեան տարհանումը ապահովելու համար Լաչինի միջանցքով եւ այլ ուղղութիւններով ստեղծուած են մարդասիրական միջանցքներ եւ ընդունման կէտեր»,- ըսուած է Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ։