Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը Պաքուի մէջ ԱՄՆ նոր դեսպան Մարք Լիպիի հետ քննարկած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Հանդիպման քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ եւ բազմակողմ համագործակցութեան օրակարգը, տարածաշրջանին մէջ առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները»,-նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Պայրամովն ընդգծած է՝ Ատրպէյճանը շահագրգիռ կողմ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման հարցով: