image

Ատրպէյճանը միջազգային համաժողովին հայկական ՀԿ-ներու մասնակցութիւնը տապալելու անյաջող փորձ ձեռնարկած է

Ատրպէյճանը միջազգային համաժողովին հայկական ՀԿ-ներու մասնակցութիւնը տապալելու անյաջող փորձ  ձեռնարկած է

11 Դեկտեմբերին, Աթլանթայի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) մեկնարկած ՄԱԿի փտածութեան դէմ պայքարի համաձայնագիրի անդամ երկիրներու 10րդ համաժողովի մեկնարկին, Հայաստանի պատուիրակութեան պահանջով՝ քուէարկութեամբ հաստատուած է նստաշրջանին հայկական շարք մը հասարարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը, որուն դէմ արտայայտուած է Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը։

Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու մասնակցութեան թեր քուէարկած են 61 երկիրներ, դէմ` Ատրպէյճան եւ Թուրքիա։

Ասիկա առաջին անյաջող փորձը չէ, երբ Ատրպէյճան կը միտի արգելափակել կամ խոչընդոտել հայկական կազմակերպութիւններու մասնակցութիւնը տարբեր միջազգային համաժողովներու:

Այս պարագային, Ատրպէյճանի թիրախը դարձած են «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշնըլ հակակոռուպցիոն կենտրոն», «Ինֆորմացիայի ազատութեան կենտրոն», «Արմաւիրի զարգացման կենտրոն» կազմակերպութիւնները, որոնք քուէարկութենէն ետք լիիրաւ կերպով կը մասնակցին համաժողովի աշխատանքներուն: