Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ խաղաղապահներու պատասխանատւութեան գօտիին մէջ նախօրէին ատրպէյճանցիները խախտած են հրադադարի ռեժիմը, տեղեկութիւնը յայտնած է Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
«Օրուայ ընթացքին Թաղավարդի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը հրաձգային զէնքէ կրակ բացած են Լեռնային Ղարաբաղի զինուած ուժերու դիրքերու ուղղութեամբ: Տուժողներ չկան»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է նաեւ, որ միջադէպը կարգաւորուած է` ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարմամբ ատրպէյճանական եւ հայկական կողմերու ներկայացուցիչներու հետ փոխգործակցութեամբ։
Նշենք, որ ընկերային ցանցերու վրայ լուրեր կը շրջանառուին, թէ հայկական կողմը թշնամիի կրակոցներու հետեւանքով զոհ ունի, սակայն Արցախի պաշտպանութեան բանակը հերքած է լուրերը: