2020 թուականի ռազմական գործողութիւնների ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած զինուորներու եւ քաղաքացիական անձերու մասունքներու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մէկ ջոկատով իրականացուած է Արցախի բռնագրաւուած հիւսիսարեւելեան թեւի` Մատաղիսի ուղղութեամբ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը, որոնումները այդտեղ արդիւնք չեն տուած, փոխարէնը` առաւօտեան Ատրպէյճանը Շուշիի մէջ ԱԻ պետական ծառայութեան փոխանցած է Որոտանէն յայտնաբերուած եւս մէկ հայ զինուորի մասունք:
Անոր ինքնութիւնը կը հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:
Յիշեցնենք, որ 2020 թուականի Նոյեմբեր 13-էն առ այսօր յայտնաբերուած եւ հաստատուած է ընդհանուր 1707 մասունք: