image

Ատրպէյճանի ճամբով Ղազախստանէն հացահատիկ՝ Հայաստանին

Ատրպէյճանի ճամբով Ղազախստանէն հացահատիկ՝ Հայաստանին

Ղազախական հացահատիկ տեղափոխող կառաշարը Ատրպէյճանէն ուղեւորուած է դէպի Հայաստան, հաղորդած է APA-ն: 

Գործակալութեան տուեալներով՝ կառաշարը արդէն մեկնած է Պիլաճարի կայարանէն։ Նշուած է, որ գնացքը պիտի շարունակէ երթեւեկել Պիլաճարի-Հաճիկապուլ-Պոյուք Քեասիք երթուղիով։

Յիշեցնենք, որ երեկ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը յայտնած է, որ Ռուսիայէն ցորենի առաջին խմբաքանակը Ատրպէյճանի տարածքով հասած է Հայաստան։