Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով 24 հոկտեմբերին աշխատանքային այցով մեկնած է Թուրքիա, յայտնած են տեղի լրատուամիջոցները:
Այցի շրջածիրէն ներս կը նախատեսուին Հասանովի հանդիպումները երկկողմ ռազմական համագործակցութեան եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն՝ Թուրքիոյ մէջ Saha Expo ցուցահանդէսին։