image

Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսը բողոքած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւի դէմ

Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսը բողոքած է Եւրոխորհրդարանի բանաձեւի դէմ

Ատրպէյճանի Միլլի Մեճլիսը «խստօրէն դատապարտած է» Եւրոպական խորհրդարանին մէջ փետրուար 28-ին ընդունուած ամենամեայ զեկոյցին մէջ արտացոլուած դրոյթները՝ ատոնք որակելով «կանխակալ, միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան տեսանկիւնէ՝ միակողմանի»:

Ըստ ատրպէյճանցի պատգամաւորներու՝ այն հանգամանքը, որ բանաձեւերն ընդունուած են Պերլինի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններուն զուգահեռ, կասկածի տեղիք կու տայ, որ Եւրոպան շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեամբ:

«Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու կոչեր ընող եւրոպացի խորհրդարանականներու համար Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պակաս կարեւոր են, քան Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը»,-ըսուած է Մեճլիսի փաստաթուղթին մէջ։

Պաքուի մէջ կրկին Եւրոմիութիւնը մեղադրած են տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը սրելու եւ խաղաղ գործընթացը խոչընդոտելու մտադրութեան համար: Ատրպէյճանցի պատգամաւորները նշած են, որ Եւրոխորհրդարանի ընդունած փաստաթուղթը իրենց երկրի համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի: