image

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ

Ատրպէյճանի մէջ երկրաշարժ

20 Յունուարին, ժամը 22:06-ին Ատրպէյճանի մէջ՝ Շամախի քաղաքէն 89 քմ հարաւ, 5․2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ գրանցուած է։

ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն յայտնած են, որ Երկրաշարժի պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39.84⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 48.80⁰ աշխարհագրական չափագրումներով Ատրպէյճան՝ Շամախի քաղաքէն 89 քմ հարաւ, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 5․2 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:

Կեդրոնական գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 7 բալ:

Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի շարք մը քաղաքներու մէջ՝ 2-3 բալ ուժգնութեամբ։