Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ըսած է, որ Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմը շատ հաւանական է, քանի դեռ խաղաղութեան պայմանագիր չէ ստորագրուած եւ վաւերացուած երկու երկիրներու խորհրդարաններու կողմէ։
«Մինչեւ խաղաղութեան պայմանագիրը չստորագրուի եւ վաւերացուի երկու երկրների խորհրդարանների կողմից, ի հարկէ, (նոր) պատերազմը (Ատրպէյճանի հետ) շատ հաւանական է», - Agence France-Press-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է Փաշինեան։
Բացի այդ, Հայաստանի վարչապետը մեղադրած է Ատրպէյճանը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու եւ այնտեղ «Կեթթո» ստեղծելու մէջ։ Փաշինեան նաեւ կը կարծէ, որ Ռուսիան եւ Արեւմուտքը պէտք է աւելի շատ ճնշում գործադրեն Պաքուի վրայ՝ օգնելու դադրեցնել Լաչինի միջանցքի շրջափակումը։