image

Ատրպէյճանի հայաջինջ քաղաքականութեան դէմ Հայաստան դիմած է ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարան

Ատրպէյճանի հայաջինջ  քաղաքականութեան    դէմ Հայաստան  դիմած է ՄԱԿ-ի  Միջազգային  դատարան

Արցախի Փառուխ գիւղին մէջ այս տարուայ Փետրուար-Մարտին տեղի ունեցած դէպքերու եւ Արցախի կազամատակարարման անջատումներու փաստերով Հայաստանը Ապրիլ 25-ին նոր գանգատ ներկայացուցած է ՄԱԿ–ի Արդարադատութեան միջազգային դատարան: Այս մասին կը յայատնէ ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, փաստաբան Սիրանուշ Սահակեանը:

Նշենք, որ ատրպէյճանական զօրքերը Մարտ 24-ին Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղի ուղղութեամբ խախտած են շփման գիծը եւ հաստատուած են գիւղին, ինչպէս նաեւ յարակից Քարագլուխ բարձունքի մէկ հատուածին մէջ: Այդ օրերուն Ասկերանի շրջանի Խրամորթ համայնքէն տարհանուեցաւ շուրջ 200 կին եւ երեխայ, վտանգի տակ յայտնուեցաւ նաեւ բնակավայրի հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Մարտ 24-էն Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը շարունակեն մնալ զբաղեցուցած տարածքին մէջ: