Հարաւային Կովկասի Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարն անդրադարձած է անցած շաբթուայ վերջը Պաքու կատարած այցին:
« Քանի մը միտք անցած շաբթուայ վերջը Ատրպէյճան կատարած այցի արդիւնքներուն վերաբերեալ.
1. Ատրպէյճանի նախագահի կարեւոր յանձնառութիւնը ԵՄ կողմէ աջակցուող ձեւաչափին.
2. Շատ մարտահրաւէրներ կը մնան չլուծուած: Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն կը պահանջուի զսպուածութիւն եւ ուժեղ քաղաքական կամք՝ լարուածութիւնը թուլցնելու եւ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար», - թուիթըրեան միքրոպլոգով գրած է ԵՄ պաշտօնեան: