Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութիւնը, թէ Յունուար 8-ին ՀՀ զինուած ուժերու ստորաբաժանումները գնդակոծած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ատրպէյճանական մարտական դիրքերը, չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն:
Սահմանի տուեալ հատուածին ատրպէյճանական ստորաբաժանումները քանի մը անկանոն կրակահերթ արձակած են, որոնց հայկական կողմը չէ պատասխանած:
Այս պահուն իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ: