Արցախի Հանրապետութեան Քննչական կոմիտէն կը տեղեկացնեն, որ ԱՀ ՔԿ տարածքային քննչական վարչութեան մէջ վարոյթ ընդունուած է 2021 թուականի Հոկտեմբեր 3-ին՝ ժամը 08:00-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան խումբ մը անձերու կողմէ, նախնական համաձայնութեամբ, շահադիտական դրդումներէ ելլելով, ուրիշի գոյքը բացայայտ յափշտակելու դիտաւորութեամբ ԱՀ Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքի վարչական տարածքի չէզոք գօտիէն նոյն քաղաքի 1956-ի ծնունդ բնակիչին պատկանող 32 գլուխ կով եւ 13 գլուխ հորթ բացայայտ յափշտակելու մեղադրանքով։
Կը նշուի նաեւ վերջինիս առանձնապէս խոշոր չափերու՝ ընդհանուր 12.370.000 ՀՀ դրամ գումարի գոյքային վնաս պատճառելու դէպքին առթիւ ԱՀ քրէական օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածի 3-րդ մասի Ա. կէտով յարուցուած քրէական գործը: