image

Ատրպէյճանցիք կրակած են Ասկերանի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանցիք  կրակած են Ասկերանի ուղղութեամբ

5 Ապրիլին, ատրպէյճանցիները դարձեալ խախտեցին զինադադարի պահպանման դրութիւնը՝ նշանառութեան տակ առնելով այս անգամ Ասկերանի շրջանի Խնապատ համայնքի 48ամեայ բնակիչ Ռոբերտ Բեգլարեանը։ Այս մասին հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտնած է Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը:

Արցախի բնակիչը յետմիջօրէի ժամը 4ի շուրջ Խնապատ գիւղի վարչական տարածքին մէջ իրեն պատկանող քարշակով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարելու ընթացքին յայտնուեցաւ ատրպէյճանցի զինուած ուժերու կրակոցներուն տակ։

«Յարակից մարտական դիրքերից հրաձգային տարբեր զէնքերով կրակել են Արցախի բնակչի ուղղութեամբ, ինչի հետեւանքով դադարեցուել են գիւղատնտեսական աշխատանքները: Ոստիկանութեան Ասկերանի շրջանային բաժնում նիւթեր են նախապատրաստուել` խաղաղապահ զօրակազմին ներկայացնելու համար», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: