image

Ատրպէյճանցիները առեւանգած են ՀՀ տեղափոխուող տղամարդը եւ տարած անյայտ ուղղութեամբ. Արցախի ՄԻՊ

 Ատրպէյճանցիները առեւանգած են ՀՀ տեղափոխուող տղամարդը եւ տարած անյայտ ուղղութեամբ. Արցախի ՄԻՊ

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան բուժման նպատակով տեղափոխուող 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեան առեւանգուած է Ատրպէյճանի սահմանապահ ծառայութեան ներկայացուցիչներու կողմէ եւ տեղափոխուած անյայտ ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը։

Արցախի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան աւելի վաղ տեղեկացուցած էր, որ Ատրպէյճանը այսօր արգելանքի վերցուցած է Կարմիր խաչի միջիոցով բուժման նպատակով ՀՀ տեղափոխուող քաղաքացիներէն մէկը եւ անցակէտէն տեղափոխած այլ վայր։ Ան նշած էր, որ ԿԽՄԿ ներկայացուցիչը կը գտնուի քաղաքացիի մօտ, սակայն բանակցութիւնները դեռ որեւէ արդիւնք չեն տուած։

«Հարազատներից, ԿԽՄԿ-ի ներկայացուցիչներից կամ ռուսական խաղաղապահներից որեւէ մէկը առեւանգուած բուժառուի մօտ չէ։ Այս պահին ճակատագիրը անյայտ է»,– գրած է Ստեփանեանը դիմատետրեան էջին։

Դէպքի վերաբերեալ Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութեան կողմէ կը շարունակուի փաստերու հաւաքագրումը։