image

«Ատրպէյճանցիների հետ մտերիմ էի, կռուի չեմ մասնակցել». Վագիֆ Խաչատրեան իրեն մեղաւոր չէ ճանչցած

«Ատրպէյճանցիների հետ մտերիմ էի, կռուի չեմ մասնակցել». Վագիֆ Խաչատրեան իրեն մեղաւոր չէ ճանչցած

Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ հոկտեմբեր 17-ին շարունակուած է Վագիֆ Խաչատրեանի գործով դատավարութիւնը:

Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ Վագիֆ Խաչատրեանը դատավարութեան ժամանակ յայտարարած է, որ իրեն մեղաւոր չի ճանչնար առաջադրուած մեղադրանքի մէջ եւ նշած, որ չէ մասնկցած «ատրպէյճանցիներու դէմ յանցագործութիւններու»։

«Գիւղում ապրող ադրբեջանցիների հետ մտերիմ էի, ես բոլորին ճանաչում էի։ Կռուի ժամանակ ես ոչ մի միջոցառման չեմ մասնակցել»,- նշած է Վագիֆ Խաչատրեանը:

Վագիֆ Խաչատրեանը մարրամասնած է, որ 1992-ի սեպտեմբերին Ռոպերթ Քոչարեանի՝ Ղարաբաղի պաշտպանութեան կոմիտէի ղեկավար դառնալէ ետք, երբ հայերու ինքնապաշտպանութեան համար զօրակոչային ծառայութեան կանչուած են 50-55 տարեկան հայերը, ինքը եւս զօրակոչուած է Ստեփանակերտի զինկոմիսարիայէն։ Խաչատրեանը աւելցուցած է, որ 1992-ի Փառուխ լեռան բարձունքին՝ իրենց ծառայութեան վայրին մէջ ատրպէյճանցիներու հետ մարտեր չեն եղած, այլ հատուածներու մէջ ալ  ինքը մարտերուն չէ մասնակցած։ Իսկ 1992 թուականի հոկտեմբերին Խաչատրեանը երիկամներու եւ աղիներու խնդիրներու պատճառով զօրացրուած է։