Յունիս 25-ի ժամը 12:40-էն յունիս 26-ի ժամը 01։00-ն ինկած ժամանակահատուածին Ատրպէյճանի Զինուած ուժերը Մարտունիի, Ասկերանի, Շուշիի եւ Մարտակերտի շրջաններու ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրառելով հրաձգային զէնք, յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։
Յունիս 25-ի ժամը 17։30-ի սահմաններուն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները հրաձգային զէնքէ կրակ բացած են Ավդուռ համայնքի դաշտերուն մէջ գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող քարշակի ուղղութեամբ։
Հայկական կողմը կորուստներ չունի։
Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան։
Յունիս 26-ի ժամը 09։30-ի դրութեամբ իրավիճակը շփման գիծին յարաբերականօրէն կայուն է։