image

Ատրպէյճանական ուժեր կրկին կրակած են Երասխի մէջ կառուցուող գործարանի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական ուժեր կրկին կրակած են Երասխի մէջ կառուցուող գործարանի ուղղութեամբ

19 Յունիսին, ժամը 13:25-ին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ:

Տեղեկութիւնը յայտնած են ՀՀ պաշտպանական գերատեսչութենէն։

Յիշեցնենք`ատրպէյճանական ստորաբաժանումները 13 յունիսէն պարբերաբար կը կրակեն Երասխի ուղղութեամբ։ 

Ատրպէյճանական զինուժը գործարանի ուղղութեամբ կրակ բացած է նաեւ 14 եւ 16 յունիսին: