Ատրպէյճանը արտահերթ նախագահական ընտրութիւններու համար ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծէ նաեւ բռնագրաւուած Ստեփանակերտի, Ասկերանի, Իւանեանի եւ Մարտակերտի մէջ:
Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Մազահիր Փանահովը նշած է, որ նոր ընտրատեղամասեր պիտի ստեղծուին Խանկենտիի, Խոճալուի, Ասկերանի եւ Ագդերէի մէջ (Ստեփանակերտ, Ասկերան, Իւանեան, Մարտակերտ- Խմբ.):
«Ատրպէյճանցի ընտրողն առաջին անգամ պիտի քուէարկէ Խանկենտիի մէջ (Ստեփանակերտի մէջ-խմբ.), այս օրը պիտի մնայ պատմութեան մէջ։
«Խանկենտիի մէջ (Ստեփանակերտի մէջ-խմբ.) ճիշդ այն շէնքին մէջ, որ այցելած է Ատրպէյճանի նախագահը, պիտի քուէարկեն ատրպէյճանցի ընտրողները։
Իւրաքանչիւր քաղաքացի, որ 18 տարեկան է, պատմութեան մէջ պիտի մնայ՝ առաջին անգամ քուէարկելով այս շէնքին մէջ»,- աւելցուցած է ան։