Սու-25 գրոհային ինքնաթիռը, որ ծրագրային կարգով ուղարկուած էր Թուրքիա, հասած է Ատրպէյճան արդիականացման աշխատանքները աւարտելէն յետոյ, որոնք իրականացուած են թրքական TUSAŞ օդատիեզերական ընկերութեան կողմէ։ Նախագիծը կը կրէ «Լաչին» անունը։
Այս մասին տեղեկացուցած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Կատարուած են փորձնական թռիչքներ։ Աւարտած են ինքնաթիռի վրայ տեղադրուած թրքական արտադրութեան «խելացի» ռումբերու եւ հրթիռներու փորձարկումները, կատարուած աշխատանքն ընդհանուր առմամբ ստացած է ռազմական մասնագէտներու դրական գնահատականը։ Սու-25-ի («Լաչին» արդիականացման) պայմանագրի ստորագրման արարողութիւնը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ թրքական TUSAŞ ընկերութեան միջեւ տեղի ունեցած է 26 յուլիսին Իսթանպուլի մէջ, Պաշտպանական արդիւնաբերութեան IDEF-23 միջազգային ցուցահանդէսի ծիրէն ներս»,- գրած են լրատուամիջոցները։