«Գեղարդ» գիտավերլուծական հիմնադրամը անդրադարձած է Ատրպէյճանի մէջ շիա իսլամներու նկատմամբ շարունակուող կրօնական հալածանքներուն, որոնք աւելի լարուած են յուլիս 5-6-ին՝ Աշուրայի սգոյ արարողութիւններու ընթացքին։
Այդ օրերուն ատրպէյճանական իշխանութիւնները խոչընդոտած են հաւատացեալներու մուտքը մզկիթներ, կիրառած են բռնութիւն, արգիլած են շիա խորհրդանիշերու ու երեխաներու մասնակցութիւնը։ Կեանճայի մէջ ուժայիններն անձրեւի ժամանակ կիները դուրս հանած են մզկիթէն, անգամ ծեծի ենթարկած են։
Բացի այդ, իշխանութիւնները կը փորձեն սահմանափակել Իրանի կրօնական ազդեցութիւնը երկրին մէջ՝ հետապնդելով այն հոգեւորականները, որոնք կ՚առաջնորդուին իրանցի առաջնորդներու «ֆաթուա»ներով։ Կրօնական հիմքով ձերբակալուածները կը կազմեն երկրի քաղբանտարկեալներու 64%-ը։
Մինչ Պաքուն միջազգային հարթակներու վրայ կը բարձրաձայնէ, թէ «հայերն իսլամական ժառանգութիւն կ՚ոչնչացնեն», Ատրպէյճանի մէջ մեծամասնութիւն կազմող շիա իսլամներն, իշխանութիւններու թողտւութեամբ ու հրահանգով, կը զրկուին Սահմանադրութեամբ ամրագրուած կրօնական ազատութիւններու, սեփական հաւատամքն արտայայտելու եւ տարածելու իրենց իրաւունքէն։