image

Ատրպէյճան ռազմական պատրաստութեան կը բերէ իր զինուած ուժերը

Ատրպէյճան ռազմական պատրաստութեան կը բերէ իր զինուած ուժերը

Ատրպէյճանի զինուած ուժերը բերուած են լիակատար մարտական պատրաստութեան վիճակի։ Միեւնոյն ժամանակ սկսած է պահեստազօրին մէջ գտնուող զինծառայողներու զօրակոչը, կը հաղորդէ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարզաբանած է գործողութիւններու կարգը թիւ 1 զօրահաւաքի յայտարարման պարագային։

Ինչպէս յայտնած են գերատեսչութենէն, զօրահաւաքի յայտարարման պարագային Զինուած ուժերը կը բերուին լիակատար մարտական պատրաստութեան վիճակի։ Միեւնոյն ժամանակ կը սկսի պահեստազօրի մէջ գտնուող զինծառայողներու զօրակոչը։

Զօրահաւաքային միջոցառումներու շրջածիրէն ներս զօրամասերը դուրս կը բերուին մարտական դիրքեր կամ նախապէս որոշուած նշանակութեան վայրեր։

Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ ընդգծած են, որ նման միջոցառումները ուղղուած են բանակի պատրաստուածութեան ապահովման եւ հնարաւոր սպառնալիքներուն արագ արձագանգելու կարողութեան։