image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճան այս առաւօտ խախտեց հրադադարը

Ատրպէյճան այս առաւօտ խախտեց հրադադարը

23 Սեպտեմբերին՝ ժամը 07։40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումները կրկին խախտած են հրադադարի ռեժիմը՝ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ կրակ բանալով հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական մարտական դիրքերու ուղղութեամբ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ՊՆ խօսնակ Արամ Թորոսեանը։

«Պատասխան գործողութիւններով հակառակորդի կրակը լռեցուած է։ Հայկական կողմում կորուստներ չկան»,–նշած է ՊՆ խօսնակը։