Իսրայէլի յարձակումը Լիբանանի ինքնիշխանութեան վրայ ոչ թէ Քարիշի հանքավայրին մէջ նաւի առկայութինն է, այլ որ նաւը կազ կ'արդիւնահանէ այս հանքավայրէն եւ կ'արտահանէ զայն:
Լիբանանի արտաքին գործերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ըսած է, որ Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կանչած է Աթէնքի մէջ Լիբանանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը եւ անոնց տեղեկացուցած է, որ Միջերկրական ծովուն մէջ արդիւնահանող նաւը Յունաստանի կառավարութեան չի պատկանիր:
Մինչ այդ Լիբանանի Արտաքին գործերի նախարարութիւնը տեղեկացուած էր «յոյն նաւաստիներու առկայութեան մասին այն նաւուն վրայ, որը Թել Աւիւը բերած է Քարիշի հանքավայր: Սակայն նախարարութիւնը յետոյ տեղեկութիւններ ստացած է, որ նաւը կը պատկանի մասնաւոր ընկերութեան, եւ կառավարութիւնը կապ չունի անոր հետ` չնայած յոյն նաւաստիներու առկայութեան»:
Քարիշի հանքավայրին մէկ մասը կը գտնուի թիւ 29 սահմանային գիծին մէջ, որ լիբանանցի բանակցողները կը համարեն լիբանանեան սահման: Ուստի այս ընկերութեան կողմէ Իսրայէլի առաջարկութեամբ իրականացուող պեղումները անօրինական են:
Միւս կողմէ, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սեյիտ Հասան Նասրալլա նախազգուշացուցած է, որ «Քարիշի մէջ հորատող նաւի սեփականատէր ընկերութիւնները պէտք է արագ դուրս բերեն զայն, եւ անոնք պէտք է պատասխանատուութիւն կրեն անոր հասնելիք նիւթական եւ մարդկային վնասներուն համար»:
Հըզպալլան հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը միջոցներու ձեռնարկելու, «ընդ որում` ուժով», վիճելի ծովային շրջաններուն մէջ իսրայէլական կազի որոնման գործողութիւններուն դէմ, այն վայրկեանին երբ «լիբանանեան կառավարութիւնը յայտարարէ Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի ծովային սահմաններու խախտման մասին»:
Լիբանանի ռազմատեխնիկական բանակցային պատուիրակութեան ղեկավար, զօրավար Պասսամ Եասին ըսած էր, որ «Իսրայէլի յարձակումը Լիբանանի ինքնիշխանութեան վրայ ոչ թէ Քարիշի հանքավայրին մէջ նաւի առկայութինն է, այլ որ նաւը կազ կ'արդիւնահանէ այս հանքավայրէն եւ կ'արտահանէ զայն»: