image

Ասկերանի մէջ հրադադարի խախտում

Ասկերանի մէջ հրադադարի խախտում

Ասկերանի շրջանին մէջ արձանագրուած է հրադադարի ռեժիմի մէկ խախտում։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան մասին ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ։

Ըստ հաղորդագրութեան՝ տուժածներ չկան։

«Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը ատրպէյճանական ու հայկական կողմերու հետ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ այս փաստի առնչութեամբ։

Պարեկութիւնն իրականացուած է երեք երթուղիներով՝ Մարտակերտի, Մարտունոո շրջաններուն մէջ եւ Լաչինի միջանցքին վրայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Աւեւ վաղ Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած  էր, որ 17 օգոստոսին՝ ժամը 17:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուժը Ասկերանի շրջանին մէջ խախտած է հրադադարը՝ օրուան ընթացքին երկրորդ անգամ հրաձգային զէնքէ կրակ բանալով Սարուշէն համայնքի դաշտերուն մէջ աշխատող քարշակի ուղղութեամբ։