image

Աշխարհի վրայ «Քովիտ»էն մահացած է աւելի քան 6 միլիոն մարդ

Աշխարհի վրայ «Քովիտ»էն մահացած է աւելի քան 6 միլիոն մարդ

Աշխարհի վրայ «Քովիտ»ով ախտահարուածներու թիւը գերազանցած է 375 միլիոն 600 հազարը:

Առաջին անգամ 2019 թուականի Դեկտեմբերին Չինաստանի մէջ ի յայտ եկած վարակը այսօրուայ դրութեամբ արձանագրուած է աւելի քան 210 երկիրներու մէջ: Այս ընթացքին «Քովիտ»ի հիւանդութենէն մահացած է աւելի քան 6 միլիոն մարդ:

Վերջին ամիսներուն գերակայող կը դառնայ «Քովիտ»ի «Օմիքրոն» տարբերակը, որ, մասնագէտներու փոխանցմամբ, մնացած տարբերակներու եւ, մասնաւորապէս, «Տելթա»ի համեմատութեամբ շատ աւելի արագ կը տարածուի, սակայն, որպէս կանոն, աւելի թեթեւ կ'ընթանայ եւ աւելի քիչ կը յանգեցնէ հիւանդանոցային ու մահուան դէպքերու: