Reuters գործակալութիւնը, յղում կատարելով սուրիական բանակի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, պնդած է, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը երկրին մէջ ռազմական գործողութիւններու լոյսին տակ լքած է մայրաքաղաք Դամասկոսը ու հեռացած «անյայտ ուղղութեամբ»:
«Ասատը նստած է օդանաւ ու հեռացած Դամասկոսէն՝ թռելով անյայտ ուղղութեամբ»,- գործակալութեան յայտնած է Սուրիոյ բանակի երկու բարձրաստիճան սպայ:
Կիրակի գիշեր թրքական Anadolu գործակալութիւնը յայտնած էր, որ սուրիացի ընդդիմադիր զինեալները կը վերահսկեն Հոմս քաղաքի կեդրոնը:
Լիբանանեան Al Mayadeen հեռուստաալիքն ալ յայտնած է, որ ընդդիմադիր զինեալները, մտնելով Հոմս, գրաւած են քաղաքի բոլոր շրջանները:
Հոմսէն մինչեւ Դամասկոս ուղիղ գիծով շուրջ 150 քիլոմեթր է: