Վերաքննիչ քրէական դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Ռուբիկ Մխիթարեանի, այսօր` Փետրուար 9-ին, Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանքը գրաւով փոխարինելու մասին պաշտպաններուն միջնորդութիւնը մերժեց:
Առուշանեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանքը գրաւով փոխարինելու համար գրաւի չափը պաշտպանները սահմանած են 80 միլիոն ՀՀ դրամէն աւելի:
Պաշտպանները դատարանին յայտնած են, որ Առուշանեանը ազատութեան մէջ գտնուելով, պիտի չխոչընդոտէ գործին քննութիւնը, եւ, որ անոր վտանգը էականօրէն նուազած է: Անոնք յիշեցուցած են նաեւ նախաքննութեան ընթացքին Առուշանեանի դէմ Քարահունջ վարչական շրջանի ղեկավար Լուսինէ Աւետեանի մեղադրական բնոյթի ցուցմունքը, որ դատաքննութեան փուլին հերքուած է:
Յիշեցնենք, որ Գորիսի համայնքապետ Առուշ Առուշանեանը կը մեղադրուի համայնքի ընտրողներէն առաւելագոյն քուեներ ապահովելու եւ ընտրութիւններուն ցանկալի արդիւնք արձանագրելու անձնական եւ խմբային շահերէն ելլելով, ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն (որուն ինք կը մասնակցէր «Հայաստան» դաշինքի ընտրական ցուցակով) նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին ուղղակի դիտաւորութեամբ ծանր յանցագործութիւն նախապատրաստելու, այն է` ընտրութիւններուն մասնակցելու եւ «Հայաստան» դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելու համար երկու կամ աւելի ընտրողի կաշառք տալու մէջ` ՀՀ ՔՕ 35-154.2-րդ յօդուածի 4-րդ մասի 2-րդ կէտով, 38-149-րդ յօդուածի 2-րդ մասի 4-րդ կէտով եւ 38-154.2-րդ յօդուածի 3-րդ մասով:
Բացի այդ, ըստ մեղադրանքի, Առուշ Առուշանեանը Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի վարչական ղեկավար Լուսինէ Աւետեանի միջոցով կազմակերպած է նոյն բնակավայրի ընտրողներուն 2021-ի Յունիս 20-ին նշանակուած ԱԺ արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցելուն եւ «Հայաստան» դաշինքի օգտին կողմ քուէարկելուն հարկադրելը:
Առուշանեանը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը չ'ընդունիր: Անոր պաշտպաններն ալ այդ քրէական գործերը կ'որակեն որպէս քաղաքական հետապնդում Առուշանեանի նկատմամբ: