Արագ ճատրակի Aimchess US Rapid առցանց մրցաշարքի քառորդ եզրափակիչի առաջին օրը Լեւոն Արոնեանը պարտութեան մատնեց ատրպէյճանցի Շահրիյար Մամետեարովը։
Հայ կրանտմասթըրը չորս ճակատումներուն արձանագրեց 3 յաղթանակ, կրեց մէկ պարտութիւն՝ 3։1։
1 Սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ պատասխան մրցամարտը։ Հաւասարութեան պարագային կը կայացուի թայ-պրէյք։
Քառորդ եզրափակիչի միւս դիմակայութիւններուն առաջին օրը աշխարհի ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսընը 2,5։0,5 հաշուով յաղթեց լեհ Եան-Քշիշթոֆ Տուտային, Ֆրանսան ներկայացնող Ալիրեզա Ֆիրուճան նոյն հաշուով յաղթեց ամերիկացի Ուեսլի Սոյին, ռուսաստանցի Վլատիսլաւ Արտեմիեւը 2։2 հաշուով խաղցաւ ամերիկացի Լենիըր Տոմինկեսի հետ։