7 դեկտեմբերին ինքնաշարժի արկած տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։ Ժամը 19:20-ի սահմաններուն Տիգրան Մեծ պողոտայի վրայ զարնուած են են Երեւանի բնակիչ 22-ամեայ Արտեոմ Վանեցեանի վարած Mercedes մակնիշի եւ Արմաւիրի մարզի բնակիչ 36-ամեայ Մելիք Բադալեանի վարած Kia մակնիշի ինքնաշարժները։ Յայտնած է shamshyan.com:
Ըստ աղբիւրին՝ արկածէն ժամեր անց Ա. Վանեցեան, բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով, դիմած է «Նաիրի» բժշկական կեդրոն։
Պարեկները Մ. Բադալեանի մօտ յայտնաբերած են կասկածելի թմրամիջոց, ան յայտարարած է, որ ինքն օգտագործած է «մարիխուանա» տեսակի թմրամիջոց։
Ա. Վանեցեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն, զօրավար-մայոր, «Հայրենիք» կուսակցութեան նախագահ Արթուր Վանեցեանի որդին է։