Շրի Լանքայի նախագահի պաշտօնակատար Ռանիլ Վիքրեմեսինկհէն երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց, նշելով, որ այսպիսով վարչակազմը կը ջանայ ճնշել ընկերայն յուզումները եւ յաղթահարել տնտեսական ճգնաժամը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Reuters»-ը։
«Արտակարգ դրութիւնը նպատակայարմար է հանրային անվտանգութեան, հանրային կարգի պահպանման եւ մատակարարումներու ու սպասարկումներու աջակցման համար»,- նշուած է կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Անցեալ շաբաթ եւս, երբ նախագահ Կոթապայա Ռաճապաքսան փախուստի դիմած էր, Վիքրեմեսինկհէն արտակարգ դրութիւն յայտարարծ էր:
Վերջին արտակարգ դրութեան իրաւական դրոյթները դեռ չեն յայտարարուած կառավարութեան կողմէ, բայց նախորդ արտակարգ դրութիւններն օգտագործուած են զինուորականներու տեղակայման, մասնաւոր սեփականութեան խուզարկման եւ հանրային ցոյցերը ճնշելու համար։
Ռաճապաքսայի հրաժարականը խորհրդարանն ընդունած է ուրբաթ օրը։ Ան մեկնած է Մալտիւներ, իսկ յետոյ Սինկափուր։ Շրի Լանքայի խորհրդարանը շաբաթ օր հաւաքուած է, որպէսզի սկսի նոր նախագահի ընտրութեան գործընթացը։
Վիքրեմեսինկհէն, որ մինչ այդ վարչապետն էր եւ կը համարուէր Ռաճապաքսայի կողմնակիցը, նախագահի պաշտօնի գլխաւոր յաւակնորդներէն է, բայց ցուցարարները կ'ուզեն, որ ան նոյնպէս հեռանայ: Այս մէկը կրնայ յանգեցնել հետագայ անկարգութիւններու, եթէ վերջինս ընտրուի։