image

Արսէն Արծրունի ազատ արձակուած է

Արսէն Արծրունի  ազատ արձակուած է

Արսէն Արծրունին ազատ արձակուած է 28 տարի անազատութեան մէջ գտնուելէն ետք։ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ, որոշում կայացուց Արսէն Արծրունին պայմանական վաղաժամկէտ ազատ արձակելու մասին։ 

Յիշեցնենք, որ ՀՀ Գերագոյն դատարանի քրէական գործերու դատական խորհուրդի 1996 թուականի 10 Դեկտեմբերի դատավճիռով, Արսէն Արայի Արծրունին մեղաւոր ճանչցուած էր եւ դատապարտուած 1961 թուականին ընդունուած քրէական օրէնսգրքի համապատասխան յօդուածներով: 

Արսէն Արծրունիի պատիժի կրման ռեժիմը անցեալ տարի փոխուած էր ՀՀ ԱՆ տեսաբաշխման յանձնաժողովի կողմէ։ Արծրունին պատիժը կը կրէր բաց տեսակի հիմնարկի մէջ, որու համար հիմք հանդիսացած էր  վերջինիս դրսեւորած դրական վարքագիծը։