image

Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն

Արմէն Գրիգորեան ընդունած է Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ապրիլ 14-ին ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուի Պոնօն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն։

Ա. Գրիգորեանը ներկայացուցած է ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ ապրիլ 11-ին Տեղ համայնքի մօտակայքը իրականացուած սադրանքը՝ ընդգծելով, որ նման քայլերու միակ նպատակը հայ-ատրպէյճանական խաղաղ բանակցութիւններուն ուղղուած ջանքերը ի չիք դարձնելն է: Այս ծիրէն ներս Լ. Պոնոն շեշտած է կառուցողական քայլերու իրականացման եւ խաղաղութեան գործընթացին հաւատարիմ մնալու անհրաժեշտութիւնը՝ հետագայ լարումներէն խուսափելու համար:

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վերահաստատած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը բանակցային գործընթացին՝ ներկայացնելով առկայ խնդիրներու կարգաւորման հարցով Հայաստանի մօտեցումները: