image

Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ խօսած է Ատրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակման մասին

Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթընի մէջ խօսած է Ատրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակման մասին

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Ուաշինկթըն աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս հանդիպած է ամերիկացի ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու, դեսպաններու, Քառնեկի հիմնադրամի եւ այլ վերլուծական կեդրոններու անդամներու հետ:

Հանդիպման Գրիգորեանը ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը եւ ատոր հետեւանքները՝ մատնանշելով, որ նման քայլով Պաքուն ներխուժած է ՀՀ ինքնիշխան տարածք եւ կը սպառնայ հայաստանեան ժողովրդավարութեան: Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարն ընդգծած է Երեւանի հաստատակամութիւնը ժողովրդավարութեան ուղիով ընթանալու հարցով:

Գրիգորեան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն եւ քաղաքացիական բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման փաստերուն:

Հանդիպման քննարկուած է հայ-ամերիկեան համագործակցութեան երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերու լայն շրջանակ, ինչպիսին է՝ ժողովրդավարութիւնը եւ տնտեսական համագործակցութիւնը: