ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը Ֆրանսայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած է, որոնց ժամանակ երկուստեք գոհունակութեամբ ընդգծած են վերջին շրջանին առաւել աշխուժացած Հայաստան-Ֆրանսա երկկողմ բազմաոլորտ յարաբերութիւններու զարգացման յարաշարժը։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ ԱԽ մամուլի ծառայութիւնը։
Մասնաւորապէս` 28 նոյեմբերին Փարիզ կատարած աշխատանքային այցի ծիրին մէջ Անվտանգային Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը հանդիպած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի՝ Մայրցամաքային Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ հարցերով խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան Մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրետերիկ Մոնտոլոնիի, Ֆրանսայի Պաշտպանութեան նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարական ծրագրաւորման վարչութեան պետի տեղակալ փոխատմիրալ Քրիստոֆ Լուգայի եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆոյի հետ:
Հանդիպման զրուցակիցները մտքեր փոխանակած են երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգային օրակարգի շարք մը հարցերու շուրջ։
Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը վերահաստատած է Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` նպաստելու մեր տարածաշրջանին մէջ անվտանգային միջավայրի ապահովման։
Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու տարբեր ոլորտներու մէջ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ուղղուած երկխօսութիւնը։
Յիշեցնենք, որ ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն եւ Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն։
Այցի ծիրին մէջ հանդիպումներ նախատեսուած են նաեւ Պերլինին մէջ։