image
Հրատապ լուրեր:

Արմէն Գրիգորեան դէպի ԱՄՆ. Պիտի հանդիպի Ճէյք Սալիվանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ

Արմէն Գրիգորեան դէպի ԱՄՆ. Պիտի  հանդիպի Ճէյք Սալիվանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ

ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը 4 յուլիսին աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթըն: Տեղեկութիւնը հրապարակուած է Անվտանգութեան խորհուրդի դիմատետրեան էջին։

«Այցի ընթացքում նախատեսուած են Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հանդիպումները Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ըստ Անվտանգութեան խորհուրդին` Գրիգորեանը Ուաշինկթընի մէջ պիտի քննարկէ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Միացեալ Նահանգներ երկկողմ համագործակցութիւնը: