Ատրպէյճանցիներու կողմէ առեւանգուած 53-ամեայ հովիւ Սուրիկ Մաթեւոսեանը յանձնուած է ռուսական կողմին։ Այս մասին ըսաւ Տեղ համայնքի ղեկավար Դաւիթ Ղուլունցը։
Ապա, ռուս խաղաղապահները զայն յանձնած են ՀՀ Զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն: «Ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ, երկու կողմերու ներկայացուցիչներու հետ փոխգործակցութեամբ քաղաքացի Ս. Մաթեւոսեանը յանձնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ներկայացուցիչներուն», ըսուած է Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու ներկայացուցչութեան մամուլի հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի վաղ յայտնել էինք, որ ատրպէյճանցիները Սիւնիքի մարզի Տեղ համայնքէն ոչխարները արածեցնելու ժամանակ առեւանգած են հովիւը եւ իր 500 ոչխարները։