Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր առջեւ դրուած խնդիրներու կատարումը: Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթը դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ վերահսկողութիւն եւ կրակի դադրեցման պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:
Կը նշուի, որ Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ խախտումներ չեն արձանագրուած:
«Մարտակերտի, Մարտունիի, Շուշիի շրջաններուն մէջ պարեկութիւն իրականացուած է հինգ երթուղիներով:
Ռուսական խաղաղապահ ճարտարապետական-սակրաւոր խումբերը կը շարունակեն տեղանքի ականազերծումը:
Ռուս խաղաղապահներու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու նպատակով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ շարունակական փոխգործակցութիւնը կը պահպանուի», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: