image

Արցախի քաղաքացին մոլորուելով հասած է Աղաւօ եւ ձերբակալուած

Արցախի քաղաքացին մոլորուելով հասած  է Աղաւօ եւ ձերբակալուած

Ատրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութիւնը յայտնեց, որ 1 Օգոստոսին Հայաստանի քաղաքացի Ռաշիդ Արամայիսի Բեգլարեան (1962ի ծնունդ) ձերբակալած է` իբր թէ Աղաւնոյ գիւղի հատուածին մէջ սահմանը հատելու պահուն:

Արցախի տեղեկատուական շտաբը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Ռաշիդ Բեգլարեան Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի է:

«Ըստ ադրբեջանական աղբիւրների` Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացի, 1962թ. ծնուած Ռաշիդ Բեգլարեանն այսօր ձերբակալուել է ադրբեջանական սահմանապահ ծառայութեան կողմից Աղաւնօ գիւղի մօտակայքում: Նա 2020թ. պատերազմի հետեւանքով տեղահանուել է Շուշի քաղաքից, իսկ վերջին օրերին գտնւում էր Շուշիի շրջանի Հին շէն գիւղում: Ըստ նախնական տեղեկութիւնների` մոլորուելու հետեւանքով ընկել է ադրբեջանական վերահսկողութեան տակ: Հանգամանքները ճշդւում են լիազօր մարմինների կողմից», յայտնած է շտաբը՝ աւելցնելով, որ Արցախի իշխանութիւնները այս մասին տեղեակ պահեցին ռուս խաղաղապահ զօրակազմը:

Աւելի ուշ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը հաղորդեց, որ ան կը գտնուէր ոգելից ըմպելիի ազդեցութեան տակ։

Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամի կառավարման աշխատանքային խումբի ներկայացուցիչ Վարդան Սարգսեան անդրադարձած է «Թելեկրամ»ի ատրպէյճանական ալիքներուն մէջ տարածուած այն կեղծ տեղեկատուութեան, որ իբր թէ ձերբակալուած Արցախի Հանրապետութեան քաղաքացին կապ ունի Արցախ տեղափոխուող մարդասիրական նախաձեռնութեան հետ` նշելով, որ նման քայլ սադրիչ բնոյթ ունի:

«Այս քայլը նպատակ ունի վարկաբեկել այս բացառապէս հումանիտար (մարդասիրական) նախաձեռնութիւնը: Այդ տեղեկատուութիւնը սադրիչ բնոյթ ունի եւ որեւէ աղերս չունի հումանիտար բեռները տեղափոխելու եւ «Spayka» ընկերութեան հետ», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Սարգսեան։