image

Արցախի պաշտօնական կայքերու փակման խնդրով ԱԱԾ-էն մեկնաբանութիւն

Արցախի պաշտօնական կայքերու փակման խնդրով ԱԱԾ-էն մեկնաբանութիւն

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մեկնաբանած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտօնական կայքերու փակումը`«Sputnik Արմենիա»ի հարցմանն ի պատասխան։

Աւելի վաղ Yerevan.Today պարբերականը գրած էր, որ Արցախի խորհրդարանի, ԱԳՆ–ի, կառավարութեան, պաշտպանութեան բանակի կայքերը չեն գործեր։ Արցախի տեղեկատուական շտաբէն անոնց յայտնած էին, որ ատոնք փակուած են 2024 թուականի փետրուարին ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ։

«ՀՀ կառավարութեան 2013 թուականի դեկտեմբերի 26-ի «Ինտերնետ ցանցում պետական մարմինների պաշտօնական կայքերին ներկայացուող նուազագոյն պահանջները հաստատելու մասին» թիւ 1521-Ն որոշման համաձայն` ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից իրականացւում են համապատասխան աշխատանքներ ՀՀ պետական մարմինների պաշտօնական կայքերի անվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ», – պատասխանած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը չէ պատասխանած այն հարցերուն, թէ արդեօք կայքերը փակած են իրենք, եւ եթէ այո` ինչ պատճառով, եղած է նման պահանջ Ատրպէյճանէն, ինչ ճակատագիր ունեցած են այնտեղ զետեղուած նիւթերն ու արխիւները։

Յիշեցնենք, որ 2023 թուականի սեպտեմբեր 19-ին Ատրպէյճանը լայնամաշտապ յարձակում սկսաւ Արցախի Հանրապետութեան վրայ։ Յաջորդ օրը Ստեփանակերտն ընդունեց հրադադարի առաջարկը, իսկ սեպտեմբեր 24-ին սկսաւ հայերու բռնի տեղահանումը Լեռնային Ղարաբաղէն։