Սուրբ Յարութեան տօնի առթիւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 9 ապրիլին Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր տաճարին մէջ մասնակցած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ․ Վրթանես եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ մատուցուած պատարագին։
Պատարագին մասնակցած են նաեւ հանրապետութեան երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Արկադի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը, օրէնսդիր ու գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ։